2014-01-16 12:34:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 յունուարի գործունէութիւնը` Հանդիպում Քահանայապետական Տան աշխատակազմի մէկ խումբին հետ։


Վատիկան` 16 յունուար 2014։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակի մէջ, յաջորդաբար ընդունեց` Լոս Անճելըսի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ռոժէր Մայքէլ Մահոնին, Սարայեւոյի Վրհպոզնա թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Վինքօ Փուլիիչը ու ապա Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ երեք եպիսկոպոսներ` գերապայծառ Ժորժ Փոնդիէ` Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Փասքալ Տէլաննոյ ու գերապայծառ Փիէր Մարի Գարրէ` եպիսկոպոսական դասի փոխ նախագահներ ու նաեւ Հայր Օլիվիէ Ռիպատօ Տիւմա` Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար։
Ժամը 12-ին Նորին Սրբութիւնը Գլեմենդինա սրահին մէջ ընդունեց Քահանայապետական Տան անձնակազմի` Քահանայապետի գրասենաեկի օգնական պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն փոխանցեց ամանորի բարի մաղթանքները ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութեան, ի սպաս Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին։ Սրբազան Հայրը ապա հաստատատեց թէ ''Քահանայապետական տունը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն կը պատկանի, ուր անոնք կը վայելեն հիւրընկալութիւն, ընտանեկան ջերմութիւն եւ հաւատքի նեցուկ։ Քահանայապետական Տան իսկական տանտէրը – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը - մեր Տէրն է, որուն ամէնքս կ՛աշակերտենք ու Անոր աւետարանին կը ծառայենք ։ Այս ընելու համար – աւելցուց Նորին Սրբութիւնը - հարկաւոր է Անոր հետ մշտատեւ երկխօսութիւն աղօթքի մէջ, որպէսզի աճի մեր բարեկամութիւնը ու վկայենք Անոր ողորմած սէրը բոլորին։ Այս հոգիով, ձեր աշխատանքը կը դառնայ առիթ` փոխանցելու Եկեղեցւոյ մաս կազմելու ուրախութիւնը։ Սիրելի բարեկամներ – եզրափակեց հուսկ Քահանայապետը– Տէրը օրհնէ ձեզ ու ձեր ընտանիքները եւ Տիրամայրը ըլլայ ձեզի ապաւեն։ Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար։
Յայտնենք որ Քահանայապետական Տան ''Անդիքամերա'' այսինքն ''նախասենաեկի'' պաշտօնեաներու ծագումը պատմականօրէն սկիզբ առած է 1592-ին Կղեմես Ը քահանայապետի օրով, ու ապա Պօղոս Զ-ը` 28 մարտ 1968-ին հրատարակած իր մէկ ինքնագիր նամակով վերահաստատած է անոնց գործունէութիւնը։

Քահանայապետական Տան պաշտօնեաներու հետ ունեցած հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ժամը մէկին, Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ, ընդունեց Արժանթինէն ժամանած Ռաբունապետերու խումբ մը, որոնց հետ բաժնեկցեցաւ նաեւ եղբայրական սիրոյ ճաշը։








All the contents on this site are copyrighted ©.